2016-09-14 10:11:00

«Հայաստանը Երիտասարդներու Աչքերով». Ցուցահանդէս` նուիրուած անկախութեան 25-ամեակին


«Երիտասարդներ առանց սահմաններու» հիմնադրամը Երեւանի Քաղաքապետարանին հետ համատեղ  Սեպտեմբեր 17-ին կը կազմակերպէ երիտասարդ լուսանկարիչներու լուսանկարներու ցուցահանդէս` «Հայաստանը երիտասարդներու աչքերով» խորագիրով: Ցուցահանդէսը նուիրուած է մեր հայրենիքի անկախութեան 25-ամեակին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ցուցահանդէսի կազմակերպիչները:

Ցուցահանդէսի հիմնական նպատակներն են երիտասարդ լուսանկարիչներուն հնարաւորութիւն տալ ներկայացնելու  իրենց աշխատանքները հանրութեան, ցոյց տալ Հայաստանի եւ հայաստանցիներու գրաւչութիւնը, մեր լաւագոյն աւանդոյթները, մեր ազգի գեղեցկութիւնը եւ հմայքը, ինչպէս նաեւ մեր երկրի ամենագեղեցիկ վայրերը: Ձեռնարկը տեղի կ’ունենայ Հիւսիսային պողոտատայի վրայ ժամը 12:00-էն մինչեւ 22:00:








All the contents on this site are copyrighted ©.